Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահեց
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան կազմակերպման համար նշանակուած յանձնախումբին
նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին կատարուելիք այդ այցելութեան
նախապատրաստութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ, նախարար
Նազեմ Խուրի, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս
Մաթար եպիսկոպոս: Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար
զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին, յատկապէս Թրիփոլիի
մէջ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` հակակշիռի տակ առնել կարենալու համար
գործուած օրինազանցութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն փոխանցելու յանցագործները: